Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարաններու մէջ աշակերտ-ուսուցիչ-ծնողք խանդավառութիւնը վարակիչ էր: Արդարեւ, կրթական նոր՝ 2023-2024 տարեշրջանի բացումը աւետող առողջ ու կենսուրախ մթնոլորտի մը մէջ Ազգ. վարժարանները վերաբացին իրենց դռները: ամառնային արձակուրդը իրենց ետին թողած՝ դէպի մարդակերտման ու հայակերտման դարբնոցներ փութացին մեծն ու փոքրը: Ուսումնական կարգերու փոփոխութիւն, ծնողներու առաջնորդութեամբ նոր աշակերտներու ժամանում եւ դասընկերներու միջեւ ընկերական ազնիւ վերաբերումի վերաշխուժացումը վերամուտը ըրին ուրախալի եւ քաղցր, մինչ կրթական պատասխանատու մարմիններն ու ուսուցիչները լայնաժպիտ ընդունելութեամբ ողջունեցին բոլորը, որոնք հայ մարդու կերտման դարբնոցները կը լեցընեն ե՛ւ իբրեւ հին կամ նոր աշակերտ, ե՛ւ իբրեւ յանձնառու ծնողք, գիտակից յանձնառութեամբ ու հաւատքով:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտի առիթով ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի հանդիսութեան, որուն ընթացքին ան աղօթքով, սրտայոյզ խօսքերով ու քաջալերական յորդորներով բարի երթ մաղթեց հայկական բոլոր վարժարաններուն, սիրասուն աշակերտութեանց, կրթական մարմիններուն, դպրոցներու նուիրեալ անձնակազմերուն, դաստիարակ ուսուցիչներուն ու հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող ծնողներուն: Ազգ. վարչութեան անունով, հանդիսութեան ներկայ եղաւ նաեւ անդամ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան:
Վերամուտի զանգը հնչած է: Բարի երթ՝ հայկական բոլոր վարժարաններուն: Թող 2023-2024 տարեշրջանը կրթական, ազգային եւ հայկական առումով ըլլայ արգասաբեր ու յաջողութիւններով լեցուն յատկանշական տարի:
Յայտնենք, որ Հոգեւոր հովիւներ եւս, յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, ներկայ կը գտնուին իրենց շրջաններու Ազգ. վարժարաններու վերամուտի հանդիսութեանց: