Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հաղորդագրութիւն – «Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստ» Հիմնադրամը Դիմումնագրեր Կ՚ընդունի 2024-2025 Տարեշրջանի Համար

By May 9, 2024No Comments

Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, «Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը այսու բացուած կը յայտարարէ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի համար դիմումնագրեր ընդունելու ժամանակաշրջանը:

Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ այն հայ ուսանողներուն, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեանց կալուածէ ներս, Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող վարկաւորում ստացած որեւէ համալսարանի կամ գոլէճի մէջ:

Դիմումնագրի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-

Ա. Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ել-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը:

Բ. Անջատ թուղթի վրայ, դիմողը պէտք է նշէ սփիւռքահայութեան առնչուող եւ զինք մտահոգող պարագայ մը կամ երեւոյթ մը, ապա արձանագրէ իր անհատական առաջարկ-լուծումները՝ կապուած նշեալ հարցին:

Գ. Ուսանողական վկայագիր, ամերիկեան օրինական համալսարան մը կամ գոլէճ մը ընդունուած ըլլալուն մասին, ուսումնական տուեալ հաստատութեան յստակ հասցէով:

Դ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:

Ե. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):

Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2024, յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ել-նամակի դրութեամբ,
առ ի փոխանցում Հիմնադրամի յանձնախումբին:

HARUT BARSAMIAN ARMENIAN STUDENTS’ SCHOLARSHIP FUND
C/O WESTERN PRELACY
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
info@westernprelacy.org

Ծանօթ .- Յանձնախումբը նկատի պիտի չունենայ ոչ ամբողջական կամ ժամկէտէն ուշ հասնող թղթածրարները:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Close Menu

Categories