Երեքշաբթի, 23 Օգոստոս 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի Շրջանայի վարչութիւնը, որ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Քնար Գորթոշեանի, եկած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստանալու:
Հանդիպման ընթացքին Թորգոմ Եպիսկոպոս գնահատեց Համազգային Հայ Կրթակական եւ Մշակութային միութեան գրեթէ մէկդարեայ գործունէութիւնն ու աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի մէջ արձանագրած իրագործումները, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ երկու տարիէ ի վեր աշխարհը ցնցող համավարակն ու մանաւանդ արցախեան 44-օրեայ պատերազմը առաջին հերթին եւ բոլոր ժողովուրդներէ աւելի ծանր վնասներ պատճառեցին հայոց բնօրրանին եւ Սփիւռքի հայութեան հոգեւոր, կրթական, ընկերային ու մշակութային կեանքի յարատեւման ու զարգացման:
Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ գալիք օրերը ըլլան խաղաղ, ապահով ու բարեբեր, որպէսզի հայ ազգային կեանքը վերանորոգ թափով լծուի հայրենակերտ ու հայակերտ իր առաքելութեան եւ Համազգայինը վերստանձնէ իր դերը՝ աւելի արդիւնաւէտ ու ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով աշխատանքի մղելու համար կրթական եւ մշակութային նոր ծրագիրներ:
Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ ազգային արժէքներուն եւ յատկապէս Համազգայինի նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեան համար, ապա ներկայացուց Միութեան ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, մասնաճիւղերը, միաւորներն ու մօտակայ ծրագիրները՝ ստանալով անոր առաջնորդական խորհուրդները: