Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Համբարձման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

By May 21, 2020June 3rd, 2024No Comments

Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Համբարձման տօնին առթիւ, Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2020-ին, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներու։ Պատարագեց եւ քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Քարոզէն առաջ, երգուեցաւ տօնին նուիրուած շարականը։

Հայր Սուրբը իր քարոզին ընթացքին ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Համբարձումի դրուագին եւ ընդգծեց, որ առաքեալները հնազանդելով Քրիստոսի պատգամին, Անոր խօսքի քարոզիչները հանդիսացան ամբողջ աշխարհին մէջ։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Քրիստոսի մարմնապէս երկինք համբարձումը երաշխիք մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն, թէ Յարուցեալ եւ Համբարձեալ Քրիստոսի հաւատացողներն եւս յարութիւն պիտի առնեն ու պիտի ժառանգեն երկնքի արքայութիւնը։

Close Menu

Categories