Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

«Հայաստան Հիմնադրամ»Ը 150,750 Հազար Կը Յատկացնէ՝ Լոս Անճելըսի Հրդեհներէն Տուժած Ազգ. Վարժարաններու Աշակերտութեանց, Ի Դիմաց Վեցամսեայ Կրթաթոշակի

By January 31, 2025No Comments

Մօտիկ անցեալին Լոս Անճելըսը հարուածած հրդեհները մեծ վնաս պատճառեցին Փասատինա քաղաքի ու շրջակայքի հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ՝ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի եւ շրջանի հայութեան ու հրդեհուած շրջաններու համայնքային կառոյցներու, որոնց շարքին՝ հայկական վարժարաններու եւ հայ աշակերտութեանց: Նշեալ շրջաններու մէջ, բազմատասնեակ հայ ընտանիքներ կորսնցուցին բնակարաններ, մատնուեցան հոգեկան եւ նիւթական ծանր կացութեան, իսկ մեր աշակերտներէն շատեր դարձան թափառական:

Հրդեհներէն տուժած հայկական վարժարաններու աշակերտութեան նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու միտումը քննարկման նիւթ հանդիսացաւ «Հայաստան Հիմնադրամ»ի վարչական պատասխանատուներուն գումարած վերջին ժողովին, որուն գաղութիս հոգեւոր առաջնորդներու կողքին, առ ի պաշտօնէ կը մասնակցի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան: Ժողովը անդրադարձ կատարեց վերջին հսկայածաւալ հրդեհներու պատճառով մեր գաղութներու եւ յատկապէս հայկական վարժարաններու իրավիճակին եւ Հիմնադրամի կողմէ մեր վարժարաններուն օգնութեան ձեռք երկարելու կարելիութեանց մասին:

Գոհունակութեամբ կը յայտատարենք, որ Հայաստան Հիմնադրամի պատասխանատու մարմինը, մեկնելով անոր տրամադրութեան տակ դրուած ցանկագրումներէ, Արեւմտեան Թեմի հրդեհներէն վնասուած Ազգ. վարժարաններու աշակերտութեան վիրաւոր հատուածի տուժած աշակերտներու վեցամսեայ կրթաթոշակին դիմաց տրամադրեց 150,750 տոլար:

Նշեալ գումարէն պիտի կարենան օգտուիլ Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուրի, Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանի, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի եւ Կլենտէյլի Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Միջնակարգ վարժարանի բոլոր այն աշակերտները, որոնք ուղղակի վնասներ կրած են Լոս Անճելըսը հրոյ ճարակ դարձուցած հրդեհներէն:

Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն հիմնադրամին, որ արեւմտեան շրջանի հայահոծ մեր գաղութին եւս, որուն առատաձեռն զօրակցութիւնը վայելած է հիմնադրամը երկար տարիներէ ի վեր, տագնապալի այս օրերուն օժանդակութեան փութալուն համար: Այս զօրակութեան իբրեւ արդիւնք՝ մանուկ-պատանի ու երիտասարդ տարիքի մեր զաւակները խաղաղութեան մէջ պիտի շարունակեն ու բարիով աւարտեն կրթական ներկայ տարեշրջանը:

Close Menu

Categories