Skip to main content
search
Uncategorized

Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

By April 30, 2023April 30th, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը շարժապատկերի հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամ Գեւիկ Պաղտասարեանի, «Արցախ Արուեստի եւ Մշակոյթի հիմանադրամ»ի (Artsakh Arts and Cultural Foundation) ատենապետ՝ Տիար Կարօ Մատէնլեանի։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։

Տիար Աւետիսեան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութիւնը ստանալու եւ զայն տեղեակ պահելու Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նուիրուած իր նոր՝ «Revival» տեսերիզի նկարահանման աշխատանքներէն։

Թորգոմ Եպիսկոպոս բարձր գնահատեց շարժապատկերի ասպարէզէն ներս բեմադրիչ Աւետիսեանի ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յանուն Ազգային Առաջնորդարանի՝ նշանակալի նիւթական զօրակցութիւն փոխանցեց անոր, ի նպաստ նշեալ ծրագրի իրագործման։

Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց Արեւմտեան Թեմի զաւակներուն, որ անսակարկ աջակցութիւն ցուցաբերեն արուեստագէտ Աւետիսեանի հայրենանուէր աշխատանքին եւ ազգօգուտ առաքելութեան։

Close Menu

Categories