Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Ծաղկեայ Փիլոնի Տուչութիւն

By June 22, 2022June 4th, 2024No Comments

Կիրակի, 19 Յունիս 2022-ին, Հայրերու տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, որուն ընթացքին՝ ընթերցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Կոնդակը, քահանայական ծաղկեայ սեւ փիլոն շնորհեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի:

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւն ու Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանը, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ: Ս. արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Սարգիս Թաթիկեան, շրջանի երեսփոխաններ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բարերարներ, հովանաւորներ եւ հաւատացեալներ:

Իր արտասանած պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ կը լեցնէ մեր կեանքը յոյսով ու լոյսով, կը զօրացնէ մեզ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, ապա անդրադառնալով օրուան տօնին՝ ըսաւ. «Այսօր Հայրերու տօն է, եւ մենք կը հրաւիրուինք աղօթելու, որ Աստուած իր օրհնութիւնները անպակաս դարձնէ մեր ազգի բոլոր հայրերուն վրայէն, իսկ այս աշխարհէն մեկնած բոլոր հայրիկներուն հոգիները լուսաւորէ: Այսօր նաեւ մեր Երկնաւոր Հօր Աստուծոյ տօնն է», դիտել տուաւ ան եւ ներկաները հրաւիրեց աղօթքի ճամբով փառք, պատիւ ու գոհութիւն յայտնելու Արարիչ Աստուծոյ:

Ծաղկեայ փիլոնի տուչութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը խրախուսեց Քահանայ հայրը, երէցկինն ու զաւակները՝ իրենց հաւատքին մէջ մնալու անսասան եւ նոյն կորովով շարունակելու իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւններն ու համայնքային գործունէութիւնը, վասն պայծառութեան Հայ Եկեղեցւոյ:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ տեղի ունեցաւ Սիրոյ ճաշ, Փասատինայի Ճիվելէկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ետալեան, ատենադպրուհի՝ Տիկին Մարալ Շիրանեան, եւ Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, իսկ եկեղեցւոյ անդամներէն Տիար Ալպերթ Չուքատարեան Հայրերու տօնին առիթով իր սրտագին բարեմաղթութիւնները յղեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ապա Ամերիկայի Հայ Առեւտրական միութեան անունով անակնկալ մը կատարեց՝ անոր նուիրելով եպիսկոպոսական մատանի մը:

Սիրոյ ճաշի խանդավառ մթնոլորտը եզրափակուեցաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի գնահատանքի ջերմ խօսքերով եւ հայրական սրտառուչ օրհնութիւններով:

Close Menu

Categories