Գլխաւոր Լուրեր

Տէր Եւ Տիկին Աբրահամ Եւ Նորա Թաշճեաններ Կը Զօրակցին Կաթողիկոսարանի Առաքելութեան

By June 24, 2022May 31st, 2024No Comments

Արեւմտեան Թեմի բարերար եւ Ազգային Առաջնորդարանի բարեկամ՝ Տէր եւ Տիկին Աբրահամ եւ Նորա Թաշճեաններ, Միւռոնօրհնէքի ընդառաջ, Աթոռին նկատմամբ ինքնաբուխ ուրախութեամբ իրենց նիւթական զօրակցութիւնը յայտնելու փափաքով, կապ հաստատեցին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ եւ Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ միւռոնօրհնութեան շրջագիծէն ներս հովանաւորելու Կաթողիկոսարանի կապուած որեւէ ծրագիր:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, գնահատեց ընդհանրապէս Թաշճեան ընտանիքի եւ մասնաւորաբար Աբրահամի ու Նորայի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու ծառայական ոգին՝ եկեղեցւոյ ու ազգային կառոյցներու նկատմամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն: