Skip to main content
search
Uncategorized

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Առիթով

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեանի հրաւէրով, Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան Խաչվերացի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ, ապա շնորհաւորեց Ս. Խաչ ծխական համայնքի զաւակները եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով:

Տէրունական Սեղանին սպասարկեցին Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ:

Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ, Շահան Սրբազան մէջբերեց Դաւիթ մարգարէի խօսքերը, թէ Տէրը նշան մը տուաւ Իրմէ վախցողներուն, Իրեն վստահողներուն, որովհետեւ Տէրը կը հրաշագործէ, երբ նշանը ունեցողները կը տկարանան, կը հալածուին, աղէտներու կը մատնուին կամ կ՛իյնան որոգայթներու մէջ, այլեւ ու մանաւանդ երբ փորձութիւններու մէջ եղողները զգան, որ իրենք անզօր են եւ դիմեն Աստուծոյ օգնութեան: Հոգեւոր խօսքի բացատրութեան աւարտին, Շահան Սրբազան ըսաւ. «Մեր Տէրը փրկութեան Աստուած է, Խաչը իր նշանն է, անիկա Խաչեալը կը խորհրդանշէ, մինչ Վերացման Խաչի տօնը Քրիստոսով մեզ երկինքին միացնող տօնն է», ըսաւ ան:

Close Menu

Categories