Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ մասնակցութեամբ հարաւային Քալիֆորնիոյ մեր թեմի հոգեւորական դասուն, Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2020-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հսկում»ի յատուկ արարողութիւն մը, Հայաստանի ու Արցախի անսասանութեան, Հայոց բանակի եւ Հայ ժողովուրդի ապահովութեան համար։
Մեր եկեղեցւոյ հոգեպարար շարականներու երգեցողութեամբ, աղօթքներով, եւ առաջնորդ Սրբազան հօր գօտեպնդիչ պատգամին ընդմէջէն առ Բարձրեալն Աստուած խնդրանք մատուցուեցաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ գործադրուող պատերազմի դադրեցման, խաղաղութեան հաստատման։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ կոմիտասեան «Տէր Ողորմեա»ով, Առաջնորդ Հօր մտածումը ամրագրելով հաւատացեալ հայ ժողովուրդի սրտին ու կեանքին մէջ, թէ՝ պատերազմի առաջին իսկ օրէն աշխարհասփիւռ հայ զաւակները ձեռք երկարեցին Հայաստան աշխարհին, եւ «այդ ձեռքը, որ կ՛երկարի դէպի Հայաստան, ժամանակի սահմանին մէջ չ՛ամփոփուիր, այլ նուիրական առաքելութիւնը նոր մակարդակով մը կը սկսի, որպէսզի մեր բոլորանուէր ծառայութեանց կողքին շարունակենք լիաբուռն նուիրել Հայաստանին եւ Արցախին»: