Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Գալիֆորնիա ժամանած համալսարանի դասախօս՝ Տիկին Դոկտ. Սեդա Տատոյեանի, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ վաղը՝ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբերին, Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակի առիթով, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ պիտի ներկայացնէ Ներսէս Շնորհալի մեծ Հայրապետ սուրբն ու դիւանագէտը, 9-րդ դարու պատմաքաղաքական իրադարձութեանց լոյսին տակ եւ Հայ Եկեղեցւոյ բազմաշերտ հեղինակութեանց հոլովոյթին ընդմէջէն:
Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս այցելու դասախօսին հետ միատեղ նախ ամբողջացուց ակադեմական դասախօսութեան յայտագիրը, ապա ընդունեց յարգարժան հիւրին իրեն ուղղուած շնորհաւորանքները՝ շրջանի Առաջնորդ իր ընտրութեան առիթով:
Հայրենիքի, ազգի ու Հայ Եկեղեցւոյ դիմաց ծառացած ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու մասին փոխադարձ խորհրդածութիւններ կատարելէ ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր զրուցակիցին փոխանցեց հայրական օրհնութիւններ եւ անոր մաղթեց քաջառողջութիւն եւ մտաւորական բեղուն գործունէութիւն:
Յայտնենք, որ Դոկտ. Տատոյեանի դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316: