Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Սան Ֆրանսիսքոյէն Ծխական Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Առաջնորդ Սրբազանին

By June 7, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի եւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երեսփոխան Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի, որոնք այս առիթով իրենց բարի մաղթանքներուն հետ նաեւ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեցին իրենց համայնքի զաւակներուն գոհունակութիւնն ու ջերմ բարեւները եւ յոյս յայտնեցին, որ Առաջնորդ Սրբազանը ամէն հեղ այցելէ Սան Ֆրանսիսքօ եւ հայրական իր օրհնութիւններով շէնցնէ տեղւոյն հայ ազգի զաւակներու հոգեւոր, ազգային կեանքն ու սրտերը:

Իր կարգին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս դրուատանքով անդրադարձաւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի աշխոյժ ապրելաձեւին, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականին նկատմամբ ժողովուրդին ցուցաբերած երկիւղած յարգանքին ու սիրոյն, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ տիրող հայ կրթական եռանդուն կեանքի մասին եւ շրջանի հեռանկարային աշխատանքներն ու ծրագիրները նկատեց տեղւոյն հայութեան բարգաւաճման առհաւատչեան: Այս առումով ան նաեւ իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց շրջանի բոլոր զաւակներուն՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով, որ ըստ յարմարութեան կ՛այցելէ թէեւ հեռաւոր նկատուած, բայց միշտ սրտի մօտ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնք:

Close Menu

Categories