Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, եւ մասնակցութեամբ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի ու հաւատացեալ ժողովուրդին, ներկայ գտնուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, ուր այս առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան:
Եկեղեցւոյ տօնական մթնոլորտը յագեցած էր հոգեւոր ապրումներով եւ կը կրէր ազգային շեշտ: Քարոզէն առաջ երգուեցաւ Վարդանանց նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, որ նախապատրաստեց Հայր Սուրբին ազգայնաշունչ քարոզը:
Սրբազան արարողութեան աւարտին, Հոգեւոր հայրերը համախումբ երգեցին Սրբոց Վարդանանց նուիրուած ազգային երգեր եւ վերանորոգեցին իրենց հոգեւոր ու ազգային պարտաւորութիւնը մեր հայրենեաց ու ժողովուրդին նկատմամբ: Տօնական մթնոլորտը իր պսակումը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման աղօթքով: