Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով – Հայերէնաւանդ Ուսուցիչները Ի Պատուի Ազգային Առաջնորդարանէն Ներս

By May 6, 2022June 4th, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, գնահատանքի երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս, ուր մեծարուեցան Ազգ. վարժարաններու հայերէնաւանդ 73 ուսուցիչներ, ներկայութեամբ Կրօնական ժողովի Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, տնօրէնութեանց եւ կրթական մշակներու։

Հայկական մեղմ ու քաղցր մեղեդիներու հնչիւններու ներքեւ, նախ Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակը հիւրընկալեց հայերէնի եւ հայկական նիւթերու մասնագէտ ուսուցիչները, տնօրէնութիւնները, որոնք աւելի քան ժամու մը տեւողութեամբ ապրեցան ընկերային յիշատակելի պահ, իրենց առօրեայ հոգերէն եւ տաղտուկներէն ձերբազատուած, ապա մուտք գործեցին Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահ, ուր ի պատիւ իրենց կազմակերպուած երեկոյթին պաշտօնական բաժինը բացուած յայտարարեց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիկին Քնար Գորթոշեան՝ դիտել տալով, որ իր տեսակին մէջ աննախադէպ, իւրայատուկ եւ մեծապէս ողջունելի այս ձեռնարկը մտայղացումն է Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն ամբողջական զօրակցութիւնը կը վայելեն Ազգ. վարժարաններն ու յատկապէս հայ հոգիի եւ մտքի մշակ ուսուցիչ-դաստիարակները:

Ազգային վարչութեան անունով, Ուսուցչաց տօնը շնորհաւորեց եւ սրահը լեցուցած ուսուցիչներու անխոնջ ճիգն ու նուիրուածութիւնը դրուատեց Ազգային վարչութեան ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի մօտ ներկայացուցիչ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, ապա ջերմ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն:

Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, իր կարգին, գնահատանքով անդրադարձաւ հայ ուսուցիչին ի գործ դրած զոհողութեան ոգիին՝ յատկապէս անհող ու անպետականութիւն դիմագրաւող Սփիւռքի մէջ հայ սերունդներու ազգային դիմագիծի պահպանման առումով, ապա ձեռնարկի կազմակերպման համար երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ուսուցչաց տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր դաստիարակներն ու կրթական մշակները՝ ըսելով. «Ընդհանրապէս հայ ուսուցիչը եւ մասնաւորաբար հայերէնաւանդ ուսուցիչը հրաւիրուած են վայելելու եկեղեցւոյ ու ազգին՝ այլ խօսքով բովանդակ ժողովուրդին յարգանքն ու գուրգուրանքը: Այսօր, ձեր Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրած է ձեզ ազգի տուն՝ Ազգ. Առաջնորդարան, յանուն մեր ժողովական կառոյցներուն ու մարմիններուն եւ մեր հոգեւոր խնամքին ներքեւ գործող բոլոր-բոլորին, միայն ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ըսելու համար ձեզի, որ ոչ թէ ձեր իմացածէն, այլ ձեր ինքնութենէն ու էութենէն ձեր հաւատքն ու գիտութիւնը նշխարի պէս կը ձգէք մեր աշակերտներու հոգեմտաւոր գանձարկղին մէջ»:

Իր խօսքի աւարտին, Թորգոմ Եպս. կոչ ուղղեց Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, Խնամակալ մարմինին, Ուսումնական խորհուրդներուն եւ տնօրէններուն՝ միշտ շարունակել բարձր գնահատել հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն տեղն ու դերը Ազգ. վարժարաններու կեանքէն ներս եւ ըստ արժանւոյն մեծարել զանոնք բոլոր մակարդակներու վրայ եւ անդաստաններէ ներս:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, յոտընկայս եւ համախումբ արտասանուեցաւ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքը, ապա երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգն ու «Մեր Հայրենիք» քայլերգը:

Close Menu

Categories