Skip to main content
search
Uncategorized

Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնի Նշում Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Մէջ

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Նկատի ունենալով, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով կը գտնուէր Լիբանան, Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրով, Ս. Գէորգ Զօրավարի անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, ապա այս առիթով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Արարողութեան մասնակցեցան Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը, դպիրներ եւ սարկաւագներ:

Շահան Արքեպիսկոպոս իր պատգամին մէջ վեր առաւ Ս. Գէորգ Զօրավար նահատակի կեանքն ու գործը եւ անոր չարչարանքները համեմատեց հայ ժողովուրդի նահատակութեան հետ՝ դիտել տալով, որ անոնք, որոնք կը չարչարուին Քրիստոսի համար եւ կը քալեն Խաչեալին ճամբէն, կը փառաւորուին երկինքի մէջ:

Close Menu

Categories