Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Մայր Տաճար

Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգեւոր Տեսուչ
Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Հոգեւոր Հովիւ

900 W. Lincoln Ave.
Montebello, CA 90640

Telephone: (323) 727-1113
Fax: (323) 727-7701
Website: www.montebelloholycross.com
E-mail: Holycross900@sbcglobal.net

Լոս Անճելըսի շրջանի առաջին եկեղեցին եղած է Ս. Խաչը, որուն փոխարէն յետոյ կառուցուած է Ս. Խաչ Մայր Տաճարը: Եկեղեցին ունի 90 տարուան պատմութիւն:

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքին գոյառումը պէտք է առընչել Լոս Անճելըսի մէջ հայ գաղութի մը ստեղծման պարագաներուն հետ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հետագայ Աթոռակից Կաթողիկոս Երջ. Տ. Բաբգէն Ս. Եպս. Կիւլէսէրեան, 1917 Մարտ 16-ին Մեթոստիսթ եկեղեցւոյ մը մէջ հանդիսաւոր պատարագ մատուցելով, քահանայ կը ձեռնադրէ Միհրան Սարկաւագը, զայն վերակոչելով Տէր Ատոմ:

Նորօծ քահանան անմիջապէս կը նախաձեռնէ համայնքի կազմակերպման աշխատանքին:  Իր շուրջ կը հրաւիրէ հոգաբարձութիւն մը, կը կազմէ դպրաց դաս, տիկնանց յանձնախումբ, եւ ամէն Կիրակի պատարագ կը մատուցէ Եպիսկոպոսականաց եկեղեցւոյ մէջ:  Շուտով Շինութեան Յանձնախումբ մը կը կազմէ եւ 5,000 տոլարի գումար մը կը հանգանակուի:  Այս գումարով կը գնուի հողամասը 420 East 20th Street-ի վրայ, Maple Avenue-ին անկիւնը:  Այլ հանգանակութիւններով եւս գումարներ կը հաւաքուին, մինչեւ որ 1922 թուականի Մարտ 26-ին կը կատարուի հիմնօրհնէքի արարողութիւնը, ձեռամբ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գասպարեանի:  Մեծ թափով կ’ընթանան շինարարական աշխատանքները, եւ 1923-ին կը կատարուի օծումը, ձեռամբ Տ. Տիրայր Ծ. Վրդ. Մարգարեանի:

Լոս Անճելըսի համայնքի առաջին եկեղեցին՝ Ս. Խաչը, նոյն վայրին մէջ մինչեւ 1978 թուական կը ծառայէ հայ համայնքին:  Պայմաններու բերումով, երբ եկեղեցւոյ շրջապատը դիմագիծ կը փոխուի, շրջանի հայ բնակիչները հետզհետէ կը հեռանան եկեղեցւոյ մերձակայքէն եւ կը հաստատուին այլ շրջաններ, յատկապէս Մոնթեպելլոյի շրջանը:

1973-ի Դեկտեմբեր 12-ին գումարուած եկեղեցւոյ անդամական ընդհանուր ժողովը կարեւոր որոշում մը կը կայացնէ, հետեւելու ժողովուրդին օրինակին, եւ եկեղեցին տանելու հոն՝ ուր մեկնեցաւ իր ժողովուրդը:

1974-ի Մարտին կը կազմուի Շինութեան Յանձնախումբ, որ կը յաջողի հողաշերտ մը գնել Մոնթեպելլոյի Լինքըլն փողոցին վրայ:

Եկեղեցւոյ օծումը կը կատարուի 11 Նոյեմբեր 1984-ին, ձեռամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին: