Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով ապրեցաւ զատկական բացառիկ մթնոլորտ՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ուր խուռներամ հաւատացեալներ իբրեւ պարգեւ ստացան Յարուցեալ Յիսուսի ճշմարիտ Լոյսէն ճառագայթող հոգեւոր ցոլքեր:
Արդարեւ, Արեւմտեան Թեմի ծխական բոլոր շրջանները Զատիկ հագան՝ զատկուան սուրբ տօնին առիթով: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց եւ իր հոգեթով պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մինչ բարձրաստիճան հոգեւորականներ՝ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրին, պատարագեցին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեցին Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ, հետեւեալ դասաւորումով. Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցի, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Ս· Արք· Օհանեան՝ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի, Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Արք. Չիֆթճեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցի:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր խօսքը սկսաւ «Մեր Յիսուսը յարեաւ ի մեռելոց» բառերով եւ իր հօտին ուղղեց հոգեպարար քարոզ, մատնանիշ ընելով Յիսուս Քրիստոսը՝ իբրեւ աշխարհի ամէնէն մեծ յեղափոխականն ու «միակ ճամբան», որ մարդկութիւնը կ՛առաջնորդէ դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենական կեանք: «Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ մենք այսօր կը հրաւիրուինք տեսնելու նաեւ մեր ներքին կեանքին յարութիւնը», ըսաւ պատգամախօս Սրբազան Հայրը եւ յորդորեց հայ ազգի զաւակները լայն բանալ իրենց սրտին դուռը եւ ներս ընդունիլ Յարուցեալ Փրկրիչը՝ իբրեւ կեանքի միակ Առաջնորդը, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ապրող բոլոր հայերուն համար: «Մենք աւելի լաւ կրնանք ըլլալ մեր կեանքին մէջ, երբ աւելի սիրենք զիրար, մենք աւելի լաւ կրնանք լուծել մեր ազգին ու հայրենիքին առջեւ ծառացած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, երբ աւելի յարգանք, հանդուրժողականութիւն եւ փոխադարձ զիջման ոգի ցուցաբերենք միմեանց նկատմամբ եւ մեր անհատականէն աւելի բարձր դասենք ազգին գերագոյն շահերը», նշեց Սրբազան Հայրը՝ ընդգծելով, որ «այնքան ատեն որ մենք միասին ենք, միակամ ենք, ոչ մէկ ուժ, ոչ չարերը, ոչ մեղքերը, ոչ փորձութիւնները, ոչ ալ վատ կամ չար մարդիկ կրնան մեզ բաժնել իրարմէ: Այսօր եւս այն օրն է, որ մենք միասնաբար ըսենք ու յայտարարենք աշխարհին, թէ մենք մէ՛կ ենք, մենք նո՛յնն ենք, մենք նո՛յն ազգի նո՛յն զաւակներն ենք, մենք նո՛յն հայրենիքի նո՛յն զաւակներն ենք, մենք նո՛յն եկեղեցւոյ նո՛յն զաւակներն ենք: Եկէք երբեք չբաժնուինք իրարմէ, այլ՝ աւելի պինդ միանանք իրարու, որպէսզի հայ քրիստոնէական ուժը եռապատկուի, նոյնիսկ քառապատկուի, որպէսզի աւելի՛ ուժեղ եւ աւելի՛ հանգամանաւոր ներկայութիւն դառնանք աշխարհի վրայ, այլեւ Հիւսիսային Ամերիկայի այս ափին»: Սրբազան Հօր հոգեցունց պատգամը վերջ գտաւ հաւաքական սրտայոյզ աղօթքով մը, որուն ընթացքին հօտ եւ հովիւ մէկութեան ի նպաստ խնդրանքներ բարձրացուցին առ Յարուցեալ Փրկիչը՝ ի խնդիր Հայաստան-Արցախ հայրենիքի խաղաղ ու ապահով կեցութեան, ազգի զաւակներու մօտ քրիստոնէական հաւատքի առաւել հզօրացման, անոնց միջեւ եղբայրական սիրոյ ամրապնդման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ աշխարհի հայութեան կեանքէն ներս յարութեան տօնական մթնոլորտի յաւերժացման: