Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Պատարագ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց Տօնին Առիթով

By February 21, 2020June 17th, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնը։

Այս առիթով, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պատարագեց եւ քարոզեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ տօնին յատուկ արարողութիւնը, «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ եւ «Քրիստոս Աստուած մեր» բարեխօսական մաղթանքով:

Պատարագիչ քահանան իր քարոզին մէջ նախ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Աւարայրի ճակատամարտը, նշելով, որ Վարդանանց տօնը մեր հաւատքի, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանութեան տօնն է եւ առիթ՝ վերանորոգելու մեր հաւատքն ու ուխտը։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Վարդանանց տօնը կը նշուի Մեծ Պահքէն մի քանի օրեր առաջ՝ մեզ ներշնչելու եւ հոգեւորապէս զօրացնելու Մեծ Պահքի ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Ս. Պատարագի աւարտին, երգուեցան տօնին նուիրուած հայրենասիրական երգեր։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ Հայրապետական եւ «Կիլիկիա» մաղթերգներով ու Հայաստանի քայլերգով։

Այնուհետեւ, «Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Յանուն Հոգեւորականաց դասուն, խօսք առաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Հայր Սուրբը մատնանշեց, որ այս տօնախմբութիւնը Ս. Վարդանանց շունչով հաւատքի եւ ուխտի վերանորոգելու օր է։ Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց Միութիւնը, որոնք անցնող շաբաթներու ընթացքին զանազան առիթներով Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկները հիւրընկալեցին։ Ան մաղթեց, որ հաւաքաբար Վարդանանց հերոսներու հաւատքով զինուած եւ Քրիստոսի սիրով տոգորուած սկսին Մեծ Պահքի շրջանը։

Close Menu

Categories