Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեանի ներկայացուցիչ` Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով աւուր պատշաճի քարոզեց եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւն:
Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանն ու իր տիկինը, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, բարերարներ, համայնքի հայութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Հայր սուրբը իր պատգամին մէջ վեր առաւ յանուն Յիսուս Քրիստոսի իրենց կեանքը զոհած զինուորներու հաւատքի ամրութիւնը եւ թելադրեց ներկաներուն՝ 40 զինուորներուն օրինակը վառ պահել իրենց կեանքին մէջ, որպէսզի իբրեւ քրիստոնեայ մարդեր արժանի ըլլան երկինքի արքայութեան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ Ղուկասեան սրահ եւ մասնակից դարձան Սիրոյ սեղանի, ապա Տ. Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեանի քահանայական օծման 15-ամեակին առիթով անոր փոխանցեցին իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները: