Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տեառնընդառաջի Տօնը Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

By February 14, 2024June 18th, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարեց տօնական արարողութիւն, մասնակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու եւ սարկաւագներու, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու, վարչական անդամներու եւ հաւատացեալներու:

Երգասացութեան աւարտին, եկեղեցին լեցուցած բազմութեան շարքերէն ծնողներ իրենց մանուկները ընծայեցին Ս. խորանին, ձեռամբ Հոգեւոր հայրերու, ապա, քիչ ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Հոգշ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան վառեց Տեառնընդառաջի տօնին աւանդական խարոյկը՝ շարականներու եւ ազգային երգերու միահամուռ երգեցողութեանց քաղցր հնչիւններու տակ:

Close Menu

Categories