Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ բարեգործական մեծ ծրագրի մը գծով իրենց ունեցած հանդիպման ընթացքին, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ ականջալուր եղան Առաջնորդ Սրբազանին՝ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին մասին արտայայտած մտահոգութիւններուն ու յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական մարզերէ ներս գաղութի հայութեան դիմագրաւած ահաւոր տագնապներուն, անոնք անմիջապէս ընդառաջեցին սուրիահայութեան զօրակցելու Առաջնորդ Սրբազանի կոչին:
Այս առիթով, բարերար զոյգը սուրիաբնակ հայ քոյր ու եղբայրներու կարիքներու բաւարարման համար նուիրեց յիսուն հազար տոլար ($50,000), որ Ազգային Առաջնորդարանի ճամբով եւ Կաթողիկոսարանի միջոցով պիտի փոխանցուի Բերիոյ Հայոց Թեմին:
Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Մելքոնեան ամոլի բարի սամարացիական ոգին՝ մաղթելով, որ բոլոր-բոլորը անպայման մասնակցին սուրիահայութեան վերականգնման հրամայական առաքելութեան: