Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահոց Սիրոյ Սեղան – «Բարերար Են Նաեւ Անոնք, Որոնք Իրենց Հոգեմտաւոր Գանձարկղէն Կը Նուիրեն Ազգին Ու Հայրենիքին», Ըսաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

By March 11, 2022June 4th, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 9 Մարտ 2022-ի կէսօրին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի, Կլենտէյլի Legacy Banquet Hall-ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց Սիրոյ Սեղան աւանդական ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեանի, Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի հարազատ, բարեկամ, բարերար հայուհիներու եւ հիւրերու:

Մեծ Պահքի ճաշկերոյթի բացման խօսքը կատարեց կազմակերպիչ մարմինի անդամ Տիկին Վարդուհի Աւետիքեան եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Հոգեւոր հայրերը կատարելու Արեւագալի ժամերգութենէն հատուած մը: Սրահը լեցուցած աւելի քան 120 ներկաներ յոտնկայս հետեւեցան Թորգոմ Եպս.ի հրաւէրին եւ միահամուռ արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը, որմէ ետք Հոգեւոր հայրերը հնչեցուցին Արեւագալի շարականներէն փունջ մը, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը խօսեցաւ լոյսի կարեւորութեան մասին եւ ըսաւ, որ «մարդուն կեանքին մէջ ամէնէն անսպառ, առատ եւ անհատնում լոյսի աղբիւրը Յիսուս Քրիստոսն է» եւ այս առիթով ներկաները հրաւիրեց միասնաբար երգելու «Առաւօտ Լուսոյ» շարականը, իր կողքին ունենալով Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանը, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանը, ապա օրհնեց սեղանները:

Մեծ Պահոց յատուկ ուտելիքներով ճոխ ճաշկերոյթի ընթացքին բանախօսեց Ազգ. Առաջնորդարանի ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի խմբագիր Սեդա Գրիգորեան՝ «Սփիւռքի Տարին եւ Հայ Կինը» նիւթով: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ կնոջ պատմական, ազգային, ընկերային, կրթական եւ ներկայ օրերու դերն ու տեղն մեր ազգի կեանքին մէջ՝ ընդգծելով, որ «Հայուհին՝ մայր ըլլայ ան, քոյր, կին կամ դուստր, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ բարձր դասուած է առաւելաբար շնորհիւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, որ բոլոր դարերուն եւ ընդմիշտ, հայ կինը կը դաւանի անփոխարինելի արժէք՝ յատկապէս իր աստուածային եւ բնատուր պարգեւներուն շնորհիւ», աւելցնելով, որ «ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր, մեր բոլորին կեանքին մէջ հայ կինը է՛ ու կը մնայ հայ ազգի բարոյական եւ հոգեւոր արժէքները կրող նուրբ ու խոնարհ արարածը, հայ սերունդներու առաջին դաստիարակ հայ մայրը եւ այր մարդուն կողքին հաւասար դիրքի վրայ կանգնած հայ կինը»: Ան նաեւ պատշաճ օրինակներով մատնացոյց ըրաւ հայ կնոջ կերպարի պատմաքաղաքական եւ ընկերային զարգացման հոլովոյթն ու արդի ժամանակներու մէջ գիտակից հայ կնոջ ձեռք բերած հմտութիւնները եւ խօսքը ուղղելով հայուհիներուն զանոնք խրախուսեց աւելի՛ քրիստոնեայ եւ աւելի՛ յանձնառու ըլլալ, ի նպաստ համազգային իտէալներու առաւել կենսագործման եւ համասփիւռ տարածման:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքը ներբող էր ուղղուած՝ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի բծախնդիր, ազգաշէն ու կազմակերպուած մարդասիրական աշխատանքին եւ սրահը լեցուցած հայուհիներու ոգեշնչող ներկայութեան: Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց բոլոր ներկաներուն բերած նպաստը Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր, ապա աւելցուց. «Բարերարներ են նաեւ անոնք, որոնք իրենց իմացական կարողութիւններով կը հարստացնեն հայութեան գանձարանը եւ իրենց մտքի արգասիքէն կու տան, կը նուիրեն ու կը շռայլեն յանուն ազգի ու հայրենիքի»: Այնուհետեւ, իբրեւ մտքի բարերարներու խումբի մէկ ներկայացուցիչ, Թորգոմ Եպս. գնահատեց օրուան բանախօս Սեդա Գրիգորեանն ու իր իւրայատուկ սէրն ու նուիրուածութիւնը հայոց լեզուի ու հայ գրականութեան նկատմամբ, իսկ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անունով, ատենապետուհի Տիկին Վանիա Պապիկեան գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեց անոր:

Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը աւելի եւս ճոխացուց քանոնահար Նեկտար՝ նուագելով եւ երգելով հայկական երգարուեստէն նմուշներ:

Close Menu

Categories