Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը Շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եպիսկոպոս Ձեռնադրութեան 25-Ամեակը

By March 21, 2025No Comments

Հինգշաբթի, 13 Մարտ 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի այցելեց եւ անոր Եպիսկոպոս ընտրութեան 25-րդ տարեդարձը շնորհաւորեց Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Վարդգէս Թովմասեանի:

Շնորհաւորական ջերմ խօսքերէ ետք, հիւրերը Գեղամ Արքեպիսկոպոսի զեկուցեցին իրենց ընթացիկ աշխատանքներուն ու տարեկան ձեռնարկներուն մասին, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղեցին հրաւէր՝ Միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի տարեկան ելոյթը իր ներկայութեամբ պատուելու:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած շնորհաւորանքներուն, գնահատեց այցելուներուն վարչական, կազմակերպական եւ նիւթաբարոյական աշխատանքները գաղութի կեանքէն ներս, ապա կարեւորութեամբ ընդգծեց միութեան դերը՝ շրջանի հայ երիտասարդութիւնը իր արմատներուն կառչած պահելու առումով:

Շարունակելով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իրեն ուղղուած հրաւէրին եւ խոստացաւ ներկայ ըլլալ երգչախումբի ելոյթին, ապա անհատական բարեմաղթութիւններու կողքին, ներկաներուն բաշխեց հայրական իր օրհնութիւնները:

Close Menu

Categories