
Ուրբաթ, 23 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Պեւըրլի Հիլզի մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի յատուկ երեկոյ մը, որ նուիրուած էր շուրջ երեք տասնամեակներ հոգեւորականի իր կերպարը խոնարհութեամբ եւ յարգալիր գործունէութեամբ պարուրած՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, անոր ծննդեան տարեդարձին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, ճաշկերոյթին ներկայ եղան Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, Ազգ. վարչութեան անդամներ, ծխական շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ եւ ընտանեկան պարագաներ:
Այս առիթով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս բարձր գնահատեց Տէր Ռազմիկի հոգեւոր ու ազգային նուիրուածութիւնն ու աւելի քան երեսուն տարիներու վաստակը՝ յանուն Հայ Եկեղեցւոյ պայծառացման, համայնքային կեանքի առաւել բարգաւաճման եւ շրջապատի հետ համերաշխ ու սիրալիր գործակցութեան, ապա շնորհաւորեց Հոգեւոր հովիւին տարեդարձը եւ օրհնեց զայն՝ երկար կեանք ու ծառայական բեղուն գործունէութիւն մաղթելով անոր: Ներկաներէն շատեր եւս հնչեցուցին գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքեր՝ Տէր Ռազմիկին մաղթելով արեւշատութիւն եւ ողջամիտ ծառայութիւն:
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը՝ յօրինակ այլոց գնահատելի այս նախաձեռնութեան համար եւ նշեց, որ այն պերճախօս արտայայտութիւնն է ծխական եկեղեցւոյ գործօն անդամներու միջեւ համերաշխ ու յարգալիր գործակցութեան, որուն երաշխաւորն է Հոգեւոր հովիւին գիտակից եւ պատասխանատու ծառայական գործելաձեւը:















