
Ուրբաթ, 30 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Եղբ. Աւօ Կաբակչուզեանի, որոնք եկած էին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով իրենց շնորհաւորանքները փոխանցելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց այցելուներու բարեպաշտական առաքելութիւնն ու եղբայրասիրական գործունէութիւնը եւ մտերմօրէն զրուցեց անոնց հետ՝ իր խօսքին մէջ ընդգծելով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2026-ը «հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի» հռչակուիլը նաեւ պատասխանատու յանձնառութեանց առաջ կը կանգնեցնէ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ ծուխերն ու ծառայողները, ինչպէս նաեւ եղբայրակցութիւնները եւ այս առիթով իր հիւրերուն մաղթեց եկեղեցաշէն նոր ծրագիրներու իրագործում եւ առաւել բարգաւաճ գործունէութիւն:
Հանդիպման ընթացքին, Եղբ. Կապակչուզեան իր եղբայրներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ զայն իրազեկ դարձուց Եղբայրակցութեան հոգեւոր եւ մարդասիրական նպատակով կատարած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, ապա խնդրամատոյց եղաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ յարմարագոյն առիթով օրհնաբեր այցելութիւն շնորհէ Եղբայրակցութեան կեդրոնին եւ իր հայրական ցուցմունքներն ու օրհնութիւնները բաշխէ աղօթարան յաճախող բոլոր հաւատացեալներուն:


