Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Սարգիս Զօրավարի Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագեց, Քարոզեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

By February 5, 2026No Comments

Կիրակի, 1 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ յընթացս արարողութեան քարոզեց ու մատաղօրհնէք կատարեց եւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու ներկայ հաւատացեալները, ամենայն բարիք մաղթելով բոլորին եւ յատկապէս Սարգիս եւ Մարտիրոս անունները կրող հայորդիներուն:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագները, դպիրներն ու երգչախումբը, զոր ղեկավարեց Երուանդ Սրկ. Քէշիշեան: Հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, շրջանի հայ զաւակներ, որոնց շարքին էին Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Սարգիս Թաթիկեան եւ Յովիկ Պետեւեան, բարերար ընտանիքի անդամներ եւ կամաւոր ծառայողներ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզը սկսաւ բացատրելով, որ ներկայ քարոզի նիւթը կը հանդիսանայ շարունակութիւնը անցնող Կիրակի օրուան նիւթին՝ ակնարկելով Յովհաննէս Աւետարանիչի կողմէ գրի առնուած՝ Յիսուս Քրիստոսի «Ես եմ կեանքի հացը» խօսքին, «որուն երկրորդ մասով Յովհաննէս Աւետարանիչ մեզ ուշադրութեան կը հրաւիրէ, որ խնդիրը նիւթական հացի մասին չէ, այլ՝ յաւիտենական կեանքի մասին է: Յաւիտենական կեանք, որուն կրնանք հասնիլ միայն հաւատքով, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս կ՛ըսէ, ո՛վ որ Աստուծոյ կողմէ երկինքէն աշխարհ ղրկուածին կը հաւատայ, ա՛ն է, որ պիտի ունենայ յաւիտենական կեանք եւ կը հաստատէ` ըսելով, որ այդ Ես եմ, Ես երկինքէն իջած հացն եմ, այսինքն՝ Ես եմ կեանքի հացը, որ կեանք կու տայ աշխարհին», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ լուսաբանելով Միածինին խօսքը՝ ըսաւ, որ կեանքի մէջ ապրելու համար մարդ հացի, սնունդի պէտք ունի, սակայն յաւիտենական կեանքին արժանի ըլլալու համար, մարդ նիւթական հացէն աւելիի՛ն պէտք ունի եւ այդ՝ հաւատքն է, մեր հոգիին սնունդը, «որովհետեւ ո՛վ որ երկինքէն իջած հացը կ՛ընդունի, ա՛ն է, որ արժանի կ՛ըլլայ յաւիտենական կեանքին», շեշտեց ան:

Քարոզը կապելով Սարգիս Զօրավարի՝ յանուն հաւատքի նահատակութեան օրինակին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ Քրիստոսի վրայ հաստատուած այն հաւատքին, որ Սարգիս Զօրավարը մղեց իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի հետ, յանուն Քրիստոսի նահատակութեան, որուն հիմամբ ան արժանացաւ Սուրբ կոչուելու պատիւին: Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ ընդգծեց, որ Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի բարեպաշտական աւանդութեանց եւ թէ ան մեր եկեղեցական տօներէն մէկը կը մարմնաւորէ, ինչպէս նաեւ՝ մեծապէս սիրուած ու գնահատուած է հայ ժողովուրդին կողմէ, «որովհետեւ մեր ժողովուրդը զայն նկատած է դժուար պայմաններու արագահաս սուրբ, որուն կը դիմեն բարեպաշտները, երբ կը բախին կեանքի դժուարագոյն պահերուն», ապա, հոգեպարար քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց երկու կէտ. առաջին՝ այն, որ Սուրբ Սարգիս Զօրավար իր կեանքի օրինակով հանդիսացաւ հաւատքի՛ օրինակ, գալիք յաջորդ սերունդներուն համար, եւ երկրորդ՝ այն, որ մեր ժողովուրդին՝ Ս. Սարգիս Զօրավարի նկատմամբ տածած հաւատքը գործնական կեանքի մէջ, ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս կարեւոր տեղ ունի, երբ կ՛ուզենք խաղաղասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ, ընկերասիրութեամբ, հիւրընկալութեամբ եւ ողորմասիրութեամբ ապրիլ մեր կեանքը, մեր շրջապատին հետ:

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր քարոզը փակեց աղօթելով, որ արագահաս Ս. Սարգիս միշտ խնդրակատար ըլլայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ օգտակար ըլլայ անոնց՝ դժուարին պահերու, այլեւ մեր բոլորին մէջ Աստուծոյ սիրոյն եւ հաւատքին բոցը միշտ արծարծ պահէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի փառքին համար:

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց մատաղօրհնէք, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիսապետեց Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին խրախուսական խօսքերով գնահատեց եկեղեցւոյ ծառայողներ եւ դրուատեց հայ համայնքի սէրն ու նուիրուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ, ապա ամենայն բարիք մաղթեց շրջանի կամաւոր ձեռքերուն, բարերարներուն, պատասխանատուներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

Close Menu

Categories