
Կիրակի, 15 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, Հոգեւոր տան անուանակոչութեան տօնին առիթով: Ս. Խորանին հոգեւոր սպասարկութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, կողքին ունենալով Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Երէցեանը, սարկաւագներ եւ դպիրներ:
Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը ոգեշնչեց եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարներն ու նուիրատուները եւ իրարայաջորդ բարեպաշտ սերունդներու զաւակները, որոնց շարքին ներկայ էին մատաղօրհնէքի հովանաւորութիւնը ստանձնած ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններ, Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժել Սթամպօլեաններ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարօ Մատէնլեան, Հայ Ոսկրածուծի հիմնադրամի նախագահ` Տիկին Ֆրիտա Ճորտըն:
Հոգեպարար արարողութեան հաղորդակից դարձած հոծ բազմութիւնը, Ս. Քառասնից Մանկանց տօնի խորհուրդին թափանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետեւեալ բառերով սկիզբ առած քարոզին ընդմէջէն. «Մեծ Պահքի չորրորդ Կիրակին է, սիրելիներ, եւ Ս. եկեղեցին հաւատացեալը կը հրաւիրէ խոկալու յաւիտենական կեանքի մասին», ուր ան դիտել տուաւ, որ Մատթէոս Աւետարանին մէջ յիշուած են առակներ, որոնք կեանքէն առնուած օրինակներով կը բացատրեն երկնքի արքայութիւնը, միտք բանի ունենալով այն, որ կեանքի մէջ մարդ իր ունեցածը կը զոհէ աւելի լաւ բանի մը համար, ինչպէս առակներէն մէկուն մէջ յիշուած վաճառական մեծահարուստը:
Իր խորհրդածութիւնը կապելով սուրբերու կեանքին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ նշեց, որ պատմութեան մէջ, յանուն Քրիստոսի նահատակուած սուրբերը իրենց կեանքին մէջ Քրիստոսը գտան եւ Անոր հետեւորդները ըլլալը գերադասեցին աշխարհէն ու իրենց անհատական կեանքէն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրին հռոմէական բանակի քառասուն զինուորները, որոնք Յիսուս Քրիստոսով նահատակուիլը նախընտրեցին, քան իրենց երիտասարդ կեանքերը առանց Քրիստոսի ապրիլը եւ աշխարհիկ բարիքները վայելելը:
Պատմելով այն դառն եղելութիւնը, որ հռոմէական դարաշրջանին, Քրիստոսը իրենց կեանքին նպատակը ընդունած նշեալ քառասուն զինուորները դատապարտուեցան սառած լիճի մէջ նահատակուելու, որովհետեւ մերժեցին հրաժարիլ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալու գաղափարէն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց, որ թէեւ այդ տղաքը նահատակուեցան, սակայն անոնք յետ մահու սրբացան ու երկնքի արքայութիւնը շահեցան:
Իր խորհրդածութիւններուն առանցքը դարձնելով երկնային գանձին տէրը դառնալու հրամայականը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեց Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքը, թէ ո՛ւր որ է ձեր գանձը՝ ձեր սիրտն ալ հո՛ն կ՛ըլլայ, ապա այս գաղափարէն մեկնած՝ ան թելադրեց ներկաներուն՝ տէր ու պահապան ըլլալ երկնային գանձին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանք ունենալու մարդկային իրաւունքին եւ այս իմաստութեամբ ապրիլ ներկայ աշխարհի անցողիկ կեանքը, որպէսզի յաւիտենական կեանքի ժառանգորդը դառնան, երբ մահը գայ:
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը նաեւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տօնն ու Մանուկ անունը կրողները, ապա եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ օրհնեց եւ բացումը կատարեց եկեղեցւոյ բարերար Տիար Արիս Սթամպօլեանի ծնողաց՝ Ոսկան եւ Էլիզ Սթամպօլեաններու, անունը յաւերժացնող յիշատախտակին:
Ուղղուելով եկեղեցւոյ սրահ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց այս առիթով կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ: Առաջնորդական իր խօսքին մէջ ան գնահատեց շրջանի հայութեան ներդրումը իրենց Հոգեւոր տան առաւել բարգաւաճման գործին մէջ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Օրէնճ Քուանթիի հոգեւոր, ազգային ներկայացուցիչներուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն, եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ու իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլորին՝ զանոնք խրախուսելով աստուածահաճոյ գործին մէջ տոկուն մնալու, համայնքային աշխատանքներն ու ծրագիրները ողջամտութեան ամբողջացնելու հայրական յորդորներով:










































