Skip to main content
search
Uncategorized

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսաւոր եւ իւրայատուկ ձեռնարկ՝ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի կեանքին ու վաստակին, անոր վախճանման 850-ամեակին առիթով:

Հանդիսութեան ներկայ եղան Սրբազան Արքեպիսկոպոսներ, Վարդապետներ, Քահանայ հայրեր, Ազգային վարչութիւնը, ձեռնարկի հովանաւոր՝ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ եւ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, հայ համայնքի պատասխանատուներ, արուեստագէտներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ մշակութասէր աւելի քան 400 հայորդիներ:

Հրապարակային խորաթափանց դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ՝ Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրով շրջանս գտնուող Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ, ներկայիս՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ ու պատասխանատու Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, որ բացառիկ գրաւչութեամբ մեծանուն Հայրապետի տոհմային, պատմական, քաղաքական, ազգային ու ստեղծագործական էութիւնն ու հանճարը արժեւորեց ե՛ւ իր ժամանակին մէջ, ե՛ւ մինչեւ մեր օրերը: Սրբազան Հայրը անցնող ինը դարերը այնպէս հմտօրէն կամրջեց իրարու, որ ներկաներուն մտապատկերին մէջ վերականգնեցան շնորհալիական աշխուժ ներկայութիւն ու ոգի, այլեւ Ազգ ու Հայ Եկեղեցի նորոգութեան հրաւիրող՝ մեծարեալ Հայրապետին սխրագործ յորդորներն ու հոգեւոր, ազգային եւ համամարդկային անկորնչելի կերպարը, որուն հիմնարար շնորհները աւանդաբար կը շարունակուին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու ընդմէջէն, հասնելով մինչեւ ներկայ Գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը:

Առաջնորդ Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեր առաւ ականաւոր Հայրապետի լուսաստեղծ հոգին, շնորհաւորեց ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսին՝ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը Լոս Անճելըս, բարձր գնահատեց հանդիսութեան հովանաւոր ու ազգային բարերար Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանն ու զաւակները, որոնք իրենց սիրելի տիկնոջ ու քաղցր մօր՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակը վառ կը պահեն Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ դրուատեց ձեռնարկի կազմակերպիչ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմն ու գեղարուեստական յայտագիրի պատասխանատու եւ ղեկավար՝ Հ.Հ. վաստակաւոր արթիսթ թենոր Պերճ Քիրազեանը, որ արուեստագէտ սարկաւագներու եւ դպիրներու փոքրաթիւ խումբով մը (Սուրէն Հազարեան, Յովհաննէս Պալեան, Թուխման Խաչատուրեան եւ Վահագն Հովենց) ու իր մասնակցութեամբ շնորհաշատ Հայրապետին ստեղծագործական հոգեւոր ու ազգային աւանդէն երգերու շքեղ փունջ մը ներկայացուց՝ եթերային վայելքի անապական գետ մը հոսեցնելով՝ դարաւոր Հայ Եկեղեցւոյ գաղտնագաղտ ուղխերէն դէպի հայրենիք, Կիլիկեան ափունք ու համայն հայութիւն, երգեհոնի վրայ նուագակցութեամբ դաշնակահարուհի Տիկին Արմինէ Տէրտէրեանի:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը Արքեպիսկոպոսներն ու Վարդապետները հրաւիրեց եկեղեցւոյ դաս՝ առաջնորդելու «Կիլիկիա» մաղթերգը: Երգեցիկ խումբն ու յոտնկայս ներկաները Տէրտէրեանի նուագակցութեամբ միացան Հոգեւոր Հայրերու երգեցողութեան, մինչ Առաջնորդ Սրբազանը Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը հրաւիրեց փակման աղօթքը արտասանելու, ապա «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը, որ իր տեսակին մէջ եզակի ու մարգարտահիւս՝ Շնորհալի Հայրապետի պանծալի յիշատակը անմահացուց ներկաներուն ու առցանց ձեռնարկին հետեւող բազմահազար հայերու հոգիներուն մէջ:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգ. Առաջնորդարանի ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի խմբագիր Սեդա Գրիգորեան:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Պերճ Քիրազեան ներկաները դիւթեց շնորհալիական երաժշտական հանճարէն «Ճանապարհ», «Բազմութիւնք» եւ «Նոր Ծաղիկ» հոգեւոր երգերու մեկնաբանութեամբ, ապա յետ բանախօսութեան տեղի ունեցած երգեցիկ խումբի հոգեթով ելոյթէն ետք ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, Ազգ. Առաջնորդարանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, հովանաւոր հիմնադրամին, երգի ու նուագի վարպետներուն՝ Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած նման բարձրամակարդակ ձեռնարկի կազմակերպման համար եւ Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց՝ վերջին տարիներուն Արեւմտեան Թեմէն ներս գեղարուեստական բարձրաթռիչ ու հոգեցունց համերգ-ելոյթներու վերածաղկման ու բարձրորակ մատուցման գրաւականը:

Նշենք, որ այս առիթով Ազգ. Առաջնորդարանը վերահրատարակեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ»ը (գրաբառ եւ անգլերէն), որմէ նաեւ օրինակներ բաժնուեցան եկեղեցին լեցուցած հանդիսականներուն:

Close Menu

Categories