– ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐՈՎ
– ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ՝ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ» ՇՔԱՆՇԱՆԱԿԻՐ
– ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ
Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի յատուկ յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հանգանակային ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Միշըն Հիլզի «Լէնտմարք» շքեղ սրահին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Ազգ. վարչութիւնը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչն ու Քահանայ հայրեր եւ հոգաբարձութիւն, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, Ազգ. Շամլեան վարժարանի հիմնադիր՝ Տիկին Անոյշ Շամլեան եւ ընտանեկան պարագաները, նոր կանգնեցուելիք Մանկամսուրի բարերարուհի՝ Տիկին Հիլտա Պաղտասարեան եւ զաւակները՝ Փիթըր եւ Գեւիկ իրենց ընտանիքներով, Ազգ. Շամլեան վարժարանի մեծ ընտանիքը՝ տնօրէնութիւն, Ուսումնական մարմին, Ուսուցչական կազմ, կազմակերպիչ եւ ծնողական յանձնախումբեր, վարժարանի զանազան ծրագիրներու զօրակից հին եւ նոր բարերարներ, բարեկամներ եւ համակիրներու մեծ շրջանակ մը, որոնց բոլորին միացեալ ջանքերով նոյն երեկոյ հանգանակուեցաւ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար:
Առաջնորդ Սրբազանի բացման աղօթքով սկիզբ առաւ ընդունելութիւնը, որուն ընթացքին օրուան հանդիսավար Գեւ Օրգեան քայլ առ քայլ իրականացուց օրուան ծրագիրը, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Տիար Արթին Ղազարեան եւ տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան յայտնեցին երախտագիտական խօսք՝ ուղղուած Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. վարչութեան, կամաւորներու փաղանգին, մեծ ու փոքր գումարներով դպրոցը կանգուն պահող նուիրատու բարերարներուն, միաժամանակ նշելով, որ շուտով գործելու սկսող Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան Մանկամսուրի գաղափարը Առաջնորդ Սրբազանի ռահվիրայ մտածողութեան արդիւնքն է, մինչ իրագործողներն են վարժարանի մարզասրահի բարերար Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան ամոլի երկու զաւակները՝ Փիթըր եւ Ռուպի, Գեւիկ եւ Փաուլա Պաղտասարեանները, որոնց իշխանական նոր նուիրատուութեամբ իրականութիւն կը դառնայ իրենց ծնողներուն անունը կրող Մանկամսուրը:
Այնուհետեւ, տնօրէնուհի Դոկտ. Քարկոտորեան խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ հրաւիրեց Պաղտասարեան եղբայրները՝ իրենց ընտանիքներով եւ Փիթըրին ու Գեւիկին լամբակներուն հանգչեցուց «Կիլիկեան Ասպետ»ի մէյ-մէկ շքանշան եւ յատուկ ասեղներով զարդարեց անոնց ազնուափայլ տիկիններուն կուրծքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի՝ այս առիթով յղած Կոնդակի ընթերցումէն ետք, զոր կատարեց Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր արտասանած դրուատանքի խօսքով բարձր գնահատեց վարժարանի հիմնադիր բարերարներն ու նոր բարերարութիւններով Ազգ. վարժարանի ե՛ւ տարածքը, ե՛ւ մասնաբաժինները ընդարձակելու կամք ցուցաբերող նուիրատուներն ու բոլոր-բոլորը, որոնք կը հաւատան Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորութեան եւ ազգային դարբնոց-վարժարանի առաքելութեան ու կը շնորհեն լիաբուռն, եւ ուրախութեամբ յիշեց, որ նոյն վայրին մէջ արդէն գործել սկսած է Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու նուիրատուութեամբ:
Քրեսենթա Հովիտի շրջանի ծաղկումն ու բարգաւաճումը ո՛չ միայն հպարտութեամբ, այլեւ անպատմելի ցնծութեամբ լեցուց ներկաներուն սրտերը յատկապէս այն պահուն, երբ Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորութեամբ, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, վարժարանի տնօրէնուհիին եւ Ուսումնական մարմինի ատենապետին յանձնեց Ազգ. վարչութեան խոստացած հարիւր հազար տոլարի վճարագիրը, ի նպաստ Մանկամսուրին:
Հուսկ, տեղի ունեցաւ նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքներով առլցուն մոմավառութիւն, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանի: