Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան 45-րդ մարզախաղերու առիթով, Կիրակի, 26 Յունիս 2022, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան «Յաղթանակի պարահանդէս»ը, որուն ներկայ եղաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ· Տ· Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութեան աշխարհատարած գործունէութիւնն ու Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի միաւորին արձանագրած յաջողութիւնները, ի մասնաւորի՝ Նաւասարդեան խաղերու ամէնամեայ կազմակերպումը, որ կը շարունակուի 45 տարիէ ի վեր՝ իրարայաջորդ սերունդներու յաղթական երթով:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ Նաւասարդեան 45-րդ խաղերու նախագահ՝ Տէր եւ Տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեաններու, ինչպէս նաեւ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.»-ական տիտղոսին արժանացած Տիար Վարանդ Մելքոնեանը, վեր առնելով անոնց ցուցաբերած բազմամեայ ծառայութիւնը, հայութեան կեանքէն ներս:
«Համավարակի պատճառով երկու տարուան պարտադիր դադարէ ետք, յաղթանակի պարահանդէսի կայացումը նոր յոյսերով կը լեցնէ շրջանի հայութիւնն ու մեզ բոլորս», նշեց Սրբազան Հայրը՝ դիտել տալով, որ ժողովրդանուէր իր բնոյթով՝ Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ ամենասիրելի կազմակերպութիւնը մանուկ հայէն մինչեւ ամենախոր ծերութեան մէջ գտնուող հայորդիին համար, ապա շնորհաւորեց Նաւասարդեան խաղերու նախագահ զոյգը եւ տիպար Հ·Մ·Ը·Մ·ականը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը, կազմակերպիչներն ու աշխատանքներուն մասնակից, միութենական բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը, ծնողները, բարեկամներն ու բարերարները եւ իր խօսքի աւարտին առողջ ու յարաճուն վերելք մաղթեց ազգաշէն, հայրենանուէր ու պատկառելի վաստակի տէր ամենասիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.ին: