
«Ժողովուրդը Ձիթենեաց Ճիւղերով Դիմաւորեց՝ Աւանակի Վրայ Նստած Խաղաղութեան Թագաւորին Երուսաղէմ Յաղթական Մուտքը»,
Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը
Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները փառահեղ հանդիսաւորութեամբ նշեցին Ծաղկազարդի տօնը եւ իրենց համայնքի բազմահարիւր հաւատացեալներուն ու սիրասուն անմեղ մանուկներու մասնակցութեամբ նշեցին մարդկային հոգիներու Յիսուս Քրիստոսո՛վ ծաղկազարդման տօնը:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ծաղկազարդի տօնին առիթով եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց համալիրին մէջ, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ Տիկնոջ, նոյն վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանի եւ ամուսնոյն՝ Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեանի, շրջանի բարերար՝ Տիար Տոքթ. Մայք Սարեանի եւ Տիկնոջ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Տօնական թափօրի նախօրեակին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց համայն հայութեան Ծաղկազարդի տօնը, եկեղեցւոյ ծաղկաւէտ տեսքն ու փոքրիկներուն նորազգեստ, տօնական փայլքը, ապա փոխանցեց աւուր պատշաճի պատգամ, որուն ընթացքին խորհրդածեց տօնին հոգեւոր իմաստին մասին եւ դիտել տուաւ, որ Ծաղկազարդի խորհուրդը Յիսուս Քրիստոսի մարդեղինացման ծրագրի վերջին արարի գործադրութեան սկիզբն է եւ խաղաղութեան թագաւորին՝ նիւթական աշխարհի վրայ տարած յաղթանա՛կի աւետիսը կը շնորհէ համայն մարդկութեան:
Այս մասին խորասուզուելով՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս բացատրեց, որ խորհրդանիշներով շարահիւսուած Աստուածաշունչի էջերուն մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնները ո՛չ միայն երկնքի ծրագիրը կը բացատրեն գետնի վրայ ապրողներուս, այլեւ հաւատացեալներուս կը փոխանցեն՝ մարդ արարածին մասին Աստուծոյ ծրագիրին կապուած տեղեկութիւններ, որպէսզի գիտելիքներով զինուած ըլլանք եւ աւելի դիւրին յաղթահարենք բոլոր այն ծանր կացութիւնները, որոնց կրնանք հանդիպիլ այս մարդկային կեանքին մէջ, բայց պէտք չէ յուսահատիլ, որովհետեւ Աստուածորդիին թափած անմեղ արիւնը մեզ կը փրկէ յաւիտենական կորուստէ, եթէ միայն հաւատանք Յիսուս Քրիստոսի եւ ապրինք աստուածահաճոյ կեանք, ըսաւ ան:
Շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, որ ձիթենեաց ճիւղերու այս շքեղ ու տօնական մթնոլորտին շուտով պիտի յաջորդէ Յիսուս Քրիստոսի երկնային կեանքի ամէնամեայ վերջին արարը՝ չարչարանաց, խաչելութեան ու մահուան ծանր լուծը, որ Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով յառաջիկայ օրերուն պիտի վերապրինք մենք բոլորս, որպէսզի, միասնաբար, յաջորդ Կիրակի ընթանանք դէպի մեծ տօնը եւ դիմաւորենք Յիսուս Քրիստոսի փառահեղ Յարութեան հրաշքը, այսինքն՝ մեր հոգիներու փրկութեան մեծագոյն ու անկրկնելի տօնը, ապա, հոգեպարար արարողութեան աւարտին, խորան եւ դահլիճ միասնաբար, աղօթքներով փառաբանեցին զԱստուած եւ ուրախութեամբ շնորհաւորեցին միմեանց Ծաղկազարդը:
Դռնբացէք՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Նոյն օրը երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւն եւ աղօթալից շարականներով ու ժողովուդին հասկնալի բառերով մեկնեց երկնքի դուռը ծեծելու խորհուրդը՝ շեշտելով, որ Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է դուռը, ուրկէ ներս՝ դրախտ կրնան մտնել հաւատացեալներն ու Յիսուսի արեամբ լուացուած մաքուր հոգիները, դառնալու համար յաւիտենական կեանքի յաւերժական բնակիչները:





































