Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում՝ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

By April 1, 2026May 1st, 2026No Comments

Գեղամ Արքեպիսկոպոս Շաւարշ Սրկ. Կարապետեանը Վերակոչեց
Տէր Յարութիւն Քահանայ

Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Ապրիլ 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Արեւմտեան Թեմի Հայրերու փաղանգին միացուց Շաւարշ Սարկաւագ Կարապետեանը, երբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ կատարեց կոչման արարողութիւն, ձեռնադրութիւն եւ օծում, խարտաւիլակութեամբ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, որուն հետ միատեղ Ս. խորանին երկու օր ծառայութիւն բերին Մոնթեպելլոյի հանգստեան կոչուած Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Աւ. Քհնյ. Գամպուրեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը:

Արդարեւ, Շաբաթ, 25 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 5-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Կոչման արարողութիւն, որուն ընթացքին նորընծայ Շաւարշ Սարկաւագ խարտաւիլակ Քահանայ հօր առաջնորդութեամբ, Մայր տաճարի մուտքէն՝ ծունկերուն վրայ քալելով, ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ դաս, ուր եւ կատարեց հաւատքի խոստովանութիւն: Ընծայեալը նախ նզովեց բոլոր հերետիկոսները եւ եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին խոտոր հանդիսացող վարդապետութիւնները, ապա իր հաւատարմութիւնը հաստատեց՝ Հայ Եկեղեցւոյ Ուղղափառ դաւանանքին եւ Սրբազան Հայրապետներու հաստատած կանոններուն նկատմամբ եւ առ այդ ստացաւ Հոգեւորին ծառայութեան մէջ գործելու կոչում, կնքահայրութեամբ համայնքի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Ռոն եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ ամոլին:

Կիրակի, 26 Ապրիլի առաւօտեան, Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Շաւարշ Սարկաւագ Կարապետեան ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Քահանայ: Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս. եւ անմահ Պատարագի ընթացքին արտասանուած «Զի ողորմած» աղօթքի պահուն։ Ընծայեալը խարտաւիլակ Տէր Հօր առաջնորդութեամբ ծնրադիր բարձրացաւ Ս. խորան, ուր աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեթով աղօթքներու ճամբով Քրիստոսի «քաղցր լուծը» կրելու խորհուրդը գիտակցելու հրաւիրուեցաւ։

«Կենդանարար» շարականի երգեցողութեան պահուն, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Միւռոնաթափ Աղաւնին թափօրով բարձրացուց Ս. խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր։ Այնուհետեւ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Ս. Հոգին խորհրդանշող Սրբալոյս Միւռոնով օծեց ընծայեալին ճակատն ու աջ եւ ձախ ձեռքերը՝ Շաւարշ Սարկաւագը վերակոչելով Տ. Յարութիւն Քահանայ:

Օծման արարողութենէն անմիջապէս ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւուր պատշաճի քարոզեց՝ շեշտելով եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Ս. Հոգիի ներգործութեան կարեւորութեան մասին եւ ոգեղէն խորհուրդներէն օրինակներ դուրս բերելով՝ բացատրեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Հոգեւոր արարողութիւնները Ս. Հոգիի ներգործութեան լաւագոյն ապացոյցերն են, որոնք եկեղեցւոյ Ս. խորանէն իբրեւ օրհնութիւն կը տարածուին հաւատացեալներու կեանքին մէջ:

Քարոզի աւարտին՝ հայեացքը ուղղելով նորընծայ երիտասարդ Քահանային, Գեղամ Աքեպիսկոպոս նկատել տուաւ. «Սիրելի Տէր Յարութիւն Քահանայ, Աստուծոյ շնորհքով եւ Ս. Հոգիի դրոշմով ահաւասիկ քեզի տրուեցաւ քահանայական կոչում եւ օծուեցար իբրեւ այդպիսին: Յարութիւն անունը տրուեցաւ քեզի, քրիստոնէական աշխարհի ամէնէն մեծ տօնին անունը, որպէսզի ըլլաս Քրիստոսի յարութեան վկան, Անոր հաւատքին քարոզիչը եւ Յարութեան յոյսը տարածես քու հօտիդ կեանքին մէջ», ըսաւ ան եւ այս առիթով շնորհաւորեց Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքը, նորոգ օծեալին ընտանիքն ու հարազատները, ապա ծառայութեան կանաչ ճամբայ ու անվհատ կամք մաղթեց անոր:

Երկօրեայ արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, անդամներ՝ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, Տեարք Ռոնի Ղարիպեան եւ Ճէք Հաճինեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, նորընծային ընտանեկան պարագաներն ու հայ համայնքի քոյր-եղբայրներ:

Յայտնենք, որ Ս. Պատարագի աւարտին, Ս. Խորանին առջեւ, դասին մէջ, եկեղեցին լեցուցած ժողովուրդը մօտեցաւ նորընծայ Քահանայ հօր եւ աջահամբոյրով ստացաւ անոր անդրանիկ օրհնութիւնը։

Տէր Յարութիւն Քհնյ. Կարապետեան, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններուն, քառասնօրեայ ապաշխարանքի իր շրջանը կ՛անցընէ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Լա Քրեսենթա, Երկուշաբթի, 27 Ապրիլէն սկսեալ:

Close Menu

Categories