Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցի


Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Հոգեւոր Տեսուչ
Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, Հոգեւոր Հովիւ
Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Հոգեւոր Հովիւ

500 S. Central Ave.
Glendale, CA 91204

Telephone: (818) 244-2402
Fax:
(818) 240-1567
Website: www.stmarysglendale.com
E-mail:
info@stmarysglendale.com

Կլէնտէյլի կեդրոնին մէջ տասնամեակներէ ի վեր բաբախող սիրտ է Ս. Աստուածածին եկեղեցին:  Այս եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւս ունի հին եւ նոր շրջաններ:

Վերջին երկու տասնամեակներուն, արագ աճ արձանագրեց Կլէնտէյլի հայ գաղութը, մէկ կողմէ՝ միջին արեւելեան երկիրներէ հասնող ու Հայաստանէն արտագաղթող, իսկ միւս կողմէ, Լոս Անճելըսի այլ աւաններէն դէպի Կլէնտէյլ տեղափոխուող հայերու հոսանքին պատճառաւ:  Աւելի քան 50 հազար հայորդիներու հոգեւոր կարիքներու մատակարարումը կատարող կարեւոր կեդրոն է այս եկեղեցին, հայաշատ այս քաղաքին մէջ:

Կլէնտէյլի հայկական գաղութին կազմակերպման ու համայնքային դիմագիծի ստացման մէջ մեծագոյն պատիւը կ’երթայ Ս. Աստուածածին եկեղեցիին, որ այս քաղաքին հայակեդրոն դառնալուն ռահվիրան կը հանդիսանայ:  Այնուհետեւ, անոր շուրջ կը համախմբուին կրթական, մարզական ու այլ հաստատութիւններ:

1975 թուականին, շատ համեստ ու դժուարին պայմաններու մէջ հիմը կը դրուի Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սմբատ Ս. Եպս. Լափաճեանի օրհնութեամբ եւ նուիրեալ ազգայիններու ջանքերով:

Արկածախնդրական նախաձեռնութիւն մը կ’ըլլայ 1200 Carlton փողոցի վրայ գտնուող շէնքին գնումը:  Աշխատանք մը, որ իրականութիւն կը դառնայ ժողովուրդի հաւաքական ճիգով:

1985 թուականին արդէն չափազանց փոքր կը թուէր միայն 100 հոգի ընդունող եկեղեցին, երբ գաղութին ընդհանուր թիւը կ’անցնէր 25 հազարը…

Եկեղեցւոյ այժմու շէնքը կը գնուի Central փողոցին վրայ:

Եկեղեցւոյ օծումը տեղի կ’ունենայ 10 Յուլիս 1988-ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին:

Եկեղեցին կրնայ մինչեւ 900 հաւատացեալներ ընդունիլ: