ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։

Սարկաւագ ձեռնադրուած է 23 Յունիս 1979-ին ձեռամբ Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի:
1981-ին աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ուսումնական շրջանը եւ նոյն տարին՝ 21 Յունիս 1981-ին, ձեռնադրուած է կուսակրօն աբեղայ, դարձեալ Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ:

1984-ին ստացած է վարդապետական աստիճանի իշխանութիւն՝ ներկայացնելով «Արաբ քրիստոնեայ արդի գրականութիւն» նիւթով աւարտաճառը։

Աստուածաբանական ուսումը շարունակած է Լիբանանի Քասլիքի Ս. Հոգի Քահանայապետական համալսարանին մէջ, արաբական գրականութիւն՝ Պէյրութի Սէն Ժօզէֆ համալսարանին մէջ եւ իրաւաբանութիւն՝ Լիբանանեան համալսարանին մէջ։

Ստանձնած է զանազան պաշտօններ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանէն ներս եւ մաս կազմած Դպրեվանքի տեսչական կազմին։ Դպրեվանքին մէջ դասաւանդած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ Ազգային Սահմանադրութեան առնչուող նիւթեր:

1986-1995 եղած է Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) հայոց Հոգեւոր հովիւ։

1995-ին նշանակուած է Լիբանանի Թեմի առաջնորդական տեղապահ:

1997-ին ընտրուած է Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ եւ առաջնորդական ծառայութիւն բերած մինչեւ 2013:

20 Փետրուար 2000-ին ձեռնադրուած է Եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Իսկ 29 Մայիս 2010-ին ստացած է Արքութեան տիտղոս։

2017-ին վկայուած է Վատիկանի Lateranum Canon Law համալսարանէն՝ ստանալով մագիստրոսի վկայական՝ կրօնագիտութեան ճիւղին մէջ եւ նոյն տարին ընտրուած է Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ եւ առաջնորդական ծառայութիւն բերած մինչեւ 2024։

Մասնակցած է միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական շարժումներու զանազան ժողովներու, իսկ 1996-2008 եղած է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր ժողովի անդամ։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Կրօնական ժողովի համաատենապետ է։

19 Ապրիլ 2024-ին ընտրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ։