Skip to main content
search
Current NewsHome Page News

Blessing of Grape in Adventist Hospital

By August 15, 2025No Comments

Հինգշաբթի, 14 Օգոստոս 2025-ի կէսօրին, Կլենտէյլ քաղաքի առողջապահական ամենակարեւոր կեդրոնններէն «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի մէջ, տնօրէնութեան կազմակերպումով եւ հաւատարիմ տարիներու աւանդութեան, կատարուեցաւ խաղողօրհնէք՝ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով:

Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, որ հարկադրաբար կը գտնուի Լիբանան, խաղողօրհնէքի արարողութեան ներկայ եղաւ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Հայր Սուրբին կ’ընկերակցէին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները:

Հոգեւոր հայրերը հիւանդանոցին մէջ ընդունուեցան հիւանդանոցի նախագահ տիկին Ալիս Իսայիի, Տոքթ. Ռամելա Մարգարեանի եւ տնօրէնութեան անդամներու կողմէ:

Հայր Սուրբը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխանցեց տնօրէնութեան, Երկնաւոր Հօր բարեխօսութունը խնդրեց հիւանդանոցի խնամքին ենթակայ բոոր հիւանդներուն համար, ապա անդրադառնալով Խաղողի օրհնութեան՝ նշեց, որ խաղողը բերրիութեան եւ առատութեան խորհրդանիշ է եւ աղօթեց, որ օրհնուած խաղող ճաշակողներն ու հիւանդները խաղաղութիւն եւ առողջութիւն գտնեն իրենց հոգիներուն ու մարմիններուն մէջ:

Close Menu

Categories