
Կիրակի, 12 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, յետ Ս. եւ անմահ Պատարագի, Արեւմեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Կիլիկիեան Ուխտի երիցագոյն միաբան՝ հոգելոյս Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ յետ արարողութեան կատարեց հոգեհանգստեան կարգ՝ քառասուն օրեր առաջ վախճանած Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի հոգւոյն ի հանգիստ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս առիթով արտասանած աւուր պատշաճի իր պատգամին մէջ նշեց, որ վախճանեալ Սրբազանը նուիրեալ հոգեւորական մը ըլլալու կողքին, է՛ր նաեւ Կիլիկիոյ միաբանութեան ազնիւ հայրերէն մէկը, որ իբրեւ Առաջնորդ՝ նուիրումով ծառայեց նախ Հալէպի մէջ, ապա Լիբանանի մէջ իր ծառայութիւնը բերաւ իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ, իսկ աւելի ուշ եւ մօտաւորապէս տասը տարի, ան գործեց Գալիֆորնիահայութեան կեանքին մէջ՝ իբրեւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ ծառայական ողջ կեանքին ընթացքին, վախճանեալ Տաթեւ Սրբազան իր ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերեց մարդկային ազնիւ վերաբերում, դժուարութեանց դիմաց՝ շրջահայեացութիւն, ապագայի նկատմամբ՝ նախաձեռնող ոգի: «Նաեւ, Տաթեւ Սրբազան իր մարդկային յատկանիշներն ու նկարագրային գիծերը փոխանցեց իր ձեռնադրածներուն, որոնցմէ մէկը ես եմ», ըսաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու ննջեցեալ եւ գործող հոգեւորականներուն համար, որպէսզի վախճանեալներուն հոգիները երկնային խաղաղութիւն գտնեն, իսկ գործող հոգեւորական հայրերը աւելի եւս ամրանան իրենց ծառայական առաքելութեան մէջ:


