ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏ

Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցի

Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Հոգեւոր Հովիւ

Mailing Address: P.O. Box 12056
La Crescenta, CA 91224

Telephone: (818) 248-8080
Email:
cvarmenianchurch@gmail.com

Ս. Պատարագ կը մատուցուի ամէն Կիրակի, կ.ա. ժամը 11ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։

վերջին տարիներուն, Լա Քանիատայէն մինչեւ Թահանկա եւ Սանլէնտ շրջաններուն մէջ, անցնելով Լա Քրեսենթայէն ու Մոնթրոզէն, շրջանի հայութեան թիւը արագ աճ արձանագրած է։ Նման կացութեան կը հետեւի կազմակերպ համայնք դառնալու պահանջը, որմէ մեկնելով, շրջանի ազգայինները պաշտօնական դիմում ներկայացուցին Ազգային Առաջնորդարան, ծխական համայնք մը դառնալու մտասեւեռումով։

Այս շրջանին մէջ կազմուեցաւ ծխական մարմին մը, որ ունի վարձու եկեղեցի մը։ Նկատի ունենալով, որ շրջանի անդամներուն թիւը կը համապատասխանէր կանոնագրային տրամադրութեանց, շրջանը 2007ի Փետրուարին ընտրեց իր հոգաբարձական առաջին կազմը եւ ունեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին մէջ իր ներկայացուցիչները։

2010ի Յունիսին, ծխական այս համայնքին օգտագործած վարձու եկեղեցին դադրեցաւ տրամադրելի ըլլալէ։ Այնուհետեւ, արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022